
Խօսք` Արտասանուած Ընկ. Կարօ Եիւզպաշեանի Կողմէ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութեան Ընթացքին Այսօր համախմբուած ենք միասնաբար նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադըրութեան 122-րդ ամեակը: Ալեհեր կազմակերպութիւնները «վիթխարի» կոչում կը ստանան միայն այն ժամանակ, երբ թաւալող տարիներու ընթացքին խարսխած են իրենց գաղափարական աշխարհահայեացքը, պահած բարոյական արժէքներու համակարգը եւ յաջողած են իրենց գործունէութեան պատուանդանին վրայ քանդակել, համազգային…








