
Աւելի քան երկու տասնամեակ կ՛ըլլայ արդէն, որ աշխարհը կորսնցուցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք իրականացած հաւասարակշռութիւնը եւ կը փնտռէ նորը. ցարդ չէ յաջողած զայն գտնել, որուն պատճառով առօրեայ դրութեամբ կը վտանգուի երկրագունդի զգայուն կէտերու շրջանային խաղաղութիւնը, իսկ յաճախ` միջազգային խաղաղութիւնը: Խորհրդային Միութեան ինքնահաշուեյարդարով թեւ առաւ տնտեսական գերազատականութիւնը, որ աշխարհի երեսին շնչող իւրաքանչիւր էակին խոստացաւ տնտեսական…















