
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներն ու յոբելենական ծրագիրը յատկանշուեցան Պուրճ Համուտի մէջ գործող հայկական կառոյցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու վեհափառին տուած այցելութիւններով: Այցելութիւնները ծանօթացումէն աւելի գնահատանք ու քաջալերանք էին ազգային ծառայութեան կոչուած հասարակական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն եւ զանոնք վարող ու այդ կառոյցներուն մէջ…















