
Շատ բնական է, որ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ապրի, վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին զգացական վերիվայրումներ ապրեցաւ Հալէպի հարցով, որովհետեւ քանի մը օրերու ընթացքին, հոն տուինք աւելի քան տասնեակ մը անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ: Սուրիահայ գաղութի երկու պատասխանատու դէմքեր, անցնող Դեկտեմբերին, Լոս Անճելըս իրենց այցելութեան ընթացքին զեկուցեցին, թէ Սուրիոյ դէմ մղուած պատերազմին ընթացքին, ցարդ (այսինքն մինչեւ…















