
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի համաձայն՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս շաբաթ պիտի քննարկէ ի միջի այլոց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը: Անդրադառնալով օրինագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դրոյթին նկատմամբ ծերակուտականներու տրամադրութիւններուն՝ Մուրատ Փափազեան նշած է, որ դժուար է ստոյգ բան ըսել: «Ամէն պարագայի, խորհրդարանականներուն հետ հետեւողական աշխատանք կը տարուի. կ՛ակնկալենք…















