
Հռոմի քահանայապետներէն Ֆրանսիս Ա. ամէնէն յանդուգնն է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակային ձեւով դատապարտելու եւ անոր յիշողութեան կարեւորութիւնը շեշտադրելու իմաստով: Թէկուզ եւ վարկածային կարգով կատարուած այս հաստատումը ժխտելի է միայն, եթէ գիտա-ուսումնասիրական վերլուծում մը գայ ցոյց տալու, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեակի միջազգային դիւանագիտական աշխուժացման ծիրին մէջ, Պետրոս առաքեալի գահին նստած եպիսկոպոսապետնէրէն ոեւէ մէկը աւելի յանձնառու եղած…















