
Հինգշաբթի, 14 ապրիլին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց համար առաջադրուած էին նաեւ մեծ թիւով հայ թեկնածուներ` Հալէպի եւ Դամասկոսի ընտրաշրջաններուն մէջ: Շաբաթ օր յայտարարուեցան ընտրութիւններուն արդիւնքները. երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ սուրիահայ համայնքը կը ներկայացուի երկու երեսփոխանով` սուրիահայ համայնքի միասնական թեկնածու, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան…















