
Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները Թուրքիոյ մէջ կատարուած վերջին ձերբակալութիւններուն լուրը մեքենական պատճէնահանումով պէտք չէ, որ շրջանառութեան մէջ դնեն: Յիշենք պատահարը, Թուրքիոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան յատուկ ծառայութեան ուժերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալած են 30 անձեր, որոնք կը ցանկային Թուրքիոյ տարածքով անցնիլ Սուրիա եւ Իրաք, որպէսզի համալրէին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան շարքերը: Ձերբակալուածներու թիւին մասին կան հակասական…















