
Armenianweeklynews կայքը կը գրէ, որ թրքական հետախուզութիւնը թրքական միայն մէկ փոքրիկ շրջանին մէջ 1600 հայ ընտանիք յայտնաբերած էր։ Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու խնդիրը բարդ է այնքանով, որ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենք զիրենք կը համարեն թուրք կամ քիւրտ, հանգիստ կ՚ապրին առանց ազգային ինքնութեան վերանայման անհրաժեշտութեան, բնաւ չկասկածելով, որ պետութեան գաղտնի ծրարներուն մէջ իրենք հայ կը համարուին։ Հայկական…















