
Ինչպէս աշխարհով մէկ տարածուած հայկական համայնքները, այնպէս ալ մեր համայնքի ողջ հայութիւնը ցնցուեցաւ Յունուար 12ին, երբ լսեց Գիւմրիի մէջ անմարդկային ոճիրին զոհ դարձած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներու եղերական մահը: Համատարած դատապարտման եւ սուգի վերածուած այդ ոճրագործութիւնը առաւել խոր ցաւ ու մորմոք պատճառեց բոլորիս, երբ տեղեկացանք, որ ահաւոր այդ սպանդէն ճողոպրած միակ մանուկը՝ վեցամսեայ Սերեոժա Աւետիսեանը, մէկ…















