Հ.Յ.Դ. Մամուլ

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, երեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը, որ իբրեւ գլխաւոր կէտ դրուած էր խորհրդարանի երէկուան նիստին օրակարգին վրայ: Նիստէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ երբ կուսակցութիւնը նախորդ անգամ համաձայն գտնուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան 19 ամիսով…

Հայ Դատի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն 95 Տոկոսը Ընտրուեցաւ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքով, յաջորդ Քոնկրեսը պիտի գտնուի Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջական հակակշիռին տակ։ Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան մէջ արդէն իսկ մեծամասնութիւն հանդիսացող հանրապետականները կրցան բաւարար աթոռներ ապահովել՝ մեծամասնութիւն մը դառնալու համար նաեւ Ծերակոյտին մէջ, երկիրի դաշնակցային օրէնսդիր մարմինները իրենց հսկողութեան տակ առնելով։ Հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց դիրքերը զօրացուցին եւ…

Ակնարկ. Ստեփանակերտէն Դէպի Ինքնորոշուելու Փորձ Կատարող Ժողովուրդներ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Քանատա կը տեղադրուի Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու տարբեր երկիրներ այցելութեան, Արցախի քաղաքական խնդիրները միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծելու, անշուշտ ազրպէյճանական ապակողմնորոշող քաղաքականութեան դիմաց առարկայական տուեալներ փոխանցելու եւ նաեւ տեղւոյն հայ հայմանքներուն հետ հանդիպումներ ունենալու ընդհանուր պարունակին մէջ։ Քանատա կատարուած այցելութեան նկարագրականը եւս այդ տպաւորութիւնն ու համոզումը կը փոխանցէ։ Կարելի է ըսել,…

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ

Երէկ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի առաւօտեան յայտագիրի «Վուայաժ Վուայաժ»-ի բաժինին մէջ Ազրպէյճան այցելած հիւրեր ակնդիրներուն ներկայացուցին Ազրպէյճանի քարտես մը, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած էր իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ այդ հարցով նամակ մը յղեց «Էմ.Թի.Վի.»-ին` նշելով, որ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ պատրաստուած այդ քարտեսին ճամբով «Էմ.Թի.Վի.»-ի ակնդիրներուն մօտ ստեղծուեցաւ այն…

Ընտրվել է ԼՂՀ գլխավոր դատախազ

Հոկտեմբերի 29-ին, ԼՂՀ Ազգային Ժողովը փակ գաղտնի քվեարկությամբ ընտրեց հանրապետության գլխավոր դատախազ եւ ԼՂՀ վերահսկիչ պալատի նախագահ: Քվեարկությանը մասնակցում էր 28 պատգամավոր: 24 կողմ, 2 դեմ եւ երկու անվավեր ձայների հարաբերակցությամբ ԼՂՀ գլխավոր դատախազ ընտրվեց Արթուր Արմենի Մոսիյանը:

Ակնարկ. «Աւելի Վատ Ծագում»-ով Գլխաւոր Խորհրդական Մը

Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի նշանակման լուրը բնականաբար պիտի գրաւէր բազմակողմանի ուշադրութիւն: Առաջին հայեացքով կը թուի, որ հայկական կողմին ուղղուած ծրագիրներուն հետ կապուած է «Ակօս»-ի նախկին խմբագիրին նշանակումը. աւելի մասնակի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած Անգարայի որդեգրած գործողութիւններու շարքին կարեւոր օղակի հանգամանք ունի այս քայլը: Քաղաքական տրամաբանութիւն կը ներփակէ այս տեսակէտը, որուն համոզման կը ծառայէ նոյնինքն…

Ակնարկ. Թուրքիոյ Երկակի Խաղը Կ՛առաջնորդէ Մեկուսացման

Միջազգային փորձագիտական խաւը հետզհետէ աւելի ընդգծուած ձեւով կը խօսի Թուրքիոյ դերի լուսանցքայնացման կամ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մեկուսացման գործընթացին մասին: Խնդիրը կը վերաբերի Արաբ Բունարի պատերազմին Թուրքիոյ կիրարկած երկակի խաղին, որ յայտնապէս չի տեղադրուիր տարածաշրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ունեցած պատկերացումներու ընդհանուր պարունակին մէջ: Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը կարեւորագոյն դերակատար էին իսլամական ծայրայեղականութեան ծնունդին եւ…

Թափանցիկ Նենգութիւն

Դիւանագիտական խաղերը, որոնց նպատակը որոշ գին վճարելու գնով իսկ առաւելագոյն օգուտներ քաղել պէտք է ըլլայ, երբ անմեղներու արեան մէջ թաթախուած կ՛ընթանան, պէտք է արժանանան համընդհանուր դատապարտումի: Թուրքիան այդպիսի խաղերով այսօր կը փորձէ ոտքը կախ պահել Քոպանիի քիւրտերուն օժանդակելու հարցով, եւ դեռ իր դաշնակից երկիրները, յատկապէս Հիւսիսային Ատլանտեան Ուխտի պետութեանց ղեկավարները, կը տատամսին փոխելու իրենց բանակցութեանց…

Եղեռնի 100-ամյա տարելիցի առիթով համերգների շարք` Սանկտ Պետերբուրգում

Ցեղասպանության 100-ամյա տարելիցին են պատրաստվում Սանկտ Պետերբուրգի մեր հայրենակիցները: Հիշատակի համերգների ցանկն օրերս համալրվել է եւս մեկով: Հայոց ցեղասպանության ճանաչմանն ուղղված քարոզչություն` բարձր արվեստի միջոցով: Եղեռնի 100-ամյա տարելիցի առիթով համերգների շարք է անցկացվում Սանկտ Պետերբուրգում, որը տեւելու է մինչեւ 2015թ-ի ավարտը: Շարքի մաս կազմող «Հայաստանի ականավոր ձայներ» խորագրով համերգը հյուրընկալել էր Շոստակովիչի անվան ակադեմիական ֆիլհարմոնիայի…

Ակնարկ. Վերաշարադրել Էրտողանի «Ցաւակցագիրը»

Թուրքիոյ նախագահը «Մարմարա» համալսարանին մէջ անդրադարձած է պատմական իրադարձութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան, խօսած է 1915-ի դէպքերուն մասին, քննադատած է Անգարայի նախկին քաղաքականութիւնը` «չլսենք, չտեսնենք»-ի մասին, յայտարարած, որ 1915-ի դէպքերու 100-ամեակին, առանձնայատուկ կերպով պիտի զբաղին այդ հարցով: Էրտողան «դէպքեր»-ը ուսումնասիրելու նպատակով կոչ ուղղած է օգտուելու Թուրքիոյ գրադարաններէն, ուր պարզ պիտի դառնայ, թէ Ցեղասպանութիւնը իրագործողները հայերն…