
Հարցազրոյց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Աւագեանի հետ «Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը՝ երկրի սահմանադրութեան համահունչ քայլ էր» Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման պատժելիութեան գործընթացին մէջ իւրօրինակ է Յունաստանի խորհրդարանի կայացուցած որոշումը, որ կը քրէականացնէ ժխտումը: Ինչպիսի՞ հանգրուաններէ անցաւ խորհրդարանի գործընթացը, մինչեւ որ յանգի օրինագիծի վաւերացման: Յունական խորհրդարանի օրէնքը իր տեսակին…















