
Տէր Զօրի մատուռի պայթեցման փաստը դիտարկումի առաջին փորձով քանի մը հայեցակէտեր կ՛ամփոփէ։ Սուրիական պատերազմի սկզբնական շրջանին Տէր Զօրը կրած էր որոշ աւերումներ։ Սակաւ չէին այն մեկնաբանութիւնները, որոնք պատահածը անպայման թիրախաւորուած յարձակում չէին նկատեր։ Այս տեսակէտին կը նպաստէին նաեւ այն օրերուն շրջանին մէջ կառավարական եւ հակակառավարական ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումները, որոնց անմիջական հետեւանքով նիւթական ծանր վնասներ…















