
Ստեփանակերտի մէջ, Մարտի վերջաւորութեան, կայացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը, որ Արցախի մայրաքաղաքին մէջ համախմբեց ՀՅԴ բոլոր շըրջաններու Կեդրոնական Կոմիտէներու, Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Ժողովին քննարկուած կարեւոր օրակարգերէն անկախ, կանգ պիտի առնենք առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մէջ ժողովի գումարման հարցին, որ ինքնին կը կարեւորէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղն ու…














