
Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան համահայկական խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան կուսակցութեան երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները` Հայաստանէն, Ղարաբաղէն. Ջաւախքէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Խորհրդաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` իր յարգանքը մատուցելու եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու: Այս առիթով Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ երիտասարդութեան դերին…















