
Երբ Երեւանի մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, “Հայոց Ցեղասպանութիւն. մարտահ-րաւէրներ` հարիւրամեակի նախաշեմին“ խորագիրով միջազգային գիտաժողովը սկսած էր իր երկօրեայ աշխատանքներուն, միեւնոյն ժամանակ այդ նոյնինքն նիւ-թին ու բնագաւառին առնչութեամբ դէպքեր ու իրադարձութիւններ կը կատարուէին եւ զգօն հայորդիին համար յստակ էր թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ յառաջիկայ երկու տարիներուն: Ակնթարթ մը, մէկդի դրած մասնակցող ժողովականներէն ոչ շատ հեռու, քանի մը…















