
Այս խորագիրով Խորէն Արամունիի հեղինակած թատերախաղը տեսնելու առիթն ունեցայ անցեալ Կիրակի երեկոյեան: Հեղինակը յուշած էր, որ ներկայացումը այս օրերուն մեզ յուզող հարցեր կը շօշափէ. մերօրեայ իրականութիւնը ցոլացնող հոգեվիճակի գեղարուեստական արտայայտութիւն մըն է անիկա: Թատերախաղը այս շաբաթավերջին եւս պիտի ներկայացուի Theater Unlimited սրահին մէջ, որ փոքրիկ սրահ մըն է, հետեւաբար՝ պէտք է անմիջապէս տեղ ապահովէք, այլապէս՝…














