
Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտի եւ Մասաչուսեցի նահանգներու օրէնսդիր մարմիներէն ետք ահաւասիկ աւստրիալական մեծագոյն նահանգ՝ Նոր Հարաւային Ուէլզի օրէնսդիր մարմինը եւս կը ճանչնայ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքն ու Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը։ Պարզ է, որ նահանգային մակարդակի վրայ արձանագրուող այս գործընթացները տեղւոն պետութիւններու կողմէ հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճանաչումի համազօր քաղաքական արարքներ չեն։ Բայց…Նահանգային օրէնսդիր մարմինները ի վերջոյ պետական…















