
Սեդօ Պոյաճեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ ստաբանութեան արշաւի զինուորագրեալները երբեք չեն պակսած հայ կեանքէն ներս։ Ի վերջոյ ասոնք զինուորագրեալներ են, թէ ի՞նչ հաշիւներով, որո՞ւ հաշւոյն կամ ինչպիսի՞ ծառայութեան մէջ այնքան ալ կարեւոր չէ այս պահուն։ Կարեւորը նման ծառայողներու գոյութեան փաստն է։ Օրուան աւարտին, իր հակադաշնակցական մոլուցքին յագուրդ տալէ եւ իր հովանաւորին պատգամը կատարելէ ետք, ստաբանողը…















