
Տասնամեակներէ ի վեր աշխարհի դիմագիծը արագօրէն կը փոխուի` բազում ու տարբեր ուղիներով դէպի լուսանցք մղելով երկրագունդի բնակչութեան լայն շերտեր: Վայրի ու վայրագ դրամատիրութիւնը իր աւետած համամարդկային բարօրութեան փոխարէն պարգեւեց համատարած թշուառութիւն. դեռ մօտաւոր անցեալին առողջ հասարակութիւններ հասած են սնանկութեան սեմին, երբ անդին ուրիշներ կը լողան նարգիսական պերճանքի մէջ: Իրերու այս տխուր ընթացքին համար, դրամատիրական շրջանակներու…















