
ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Ապրիլ 1-2 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանագիծին վրայ կատարուած ատրպէյճանական զինուորական գործողութիւնները, Պաքուի յարձակապաշտ այդ վարքագիծը նկատելով արցախեան հիմնահարցի բանակցութիւններու ընթացքը ականահարող քայլ։ Արցախի խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան սպառնացող ատրպէյճանական նախայարձակ այս գործընթացը լրջօրէն վտանգի տակ կ՝առնէ նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ շրջակայ տարածաշրջանի կայունութիւնը, որուն հետագայ բարդ զարգացումներու ամբողջական պատասխանատուութիւնը կրելու…














