
Միջազգային փորձագիտական խաւը հետզհետէ աւելի ընդգծուած ձեւով կը խօսի Թուրքիոյ դերի լուսանցքայնացման կամ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մեկուսացման գործընթացին մասին: Խնդիրը կը վերաբերի Արաբ Բունարի պատերազմին Թուրքիոյ կիրարկած երկակի խաղին, որ յայտնապէս չի տեղադրուիր տարածաշրջանին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ունեցած պատկերացումներու ընդհանուր պարունակին մէջ: Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը կարեւորագոյն դերակատար էին իսլամական ծայրայեղականութեան ծնունդին եւ…















