
Պոլսահայ համայնքի հոգեւոր թէ աշխարհիկ ներկայացուցիչներուն հետ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ունեցած հանդիպումը արտակարգ երեւոյթ չէ, չըսելու համար օրինաչափ նոյնիսկ: Բնական էր, որ գաղութի դասական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը հետեւէր Էրտողանի ցաւակցական գործողութեան: Հայկական կողմը համազարկ բանալու պէտք չունի Պոլսոյ հայ ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած գերխանդավառ յայտարարութիւններուն եւ մանաւանդ Անգարայէն պահանջուած պատուէրային արձագանգումներուն վրայ: Այս առաջին հայկական արձագանգը…















