
Իրենց «վերընտրութիւն»ը կատարելագործուած մեքենայութիւններով յաջողապէս կազմակերպելէ եւ այսպէս կոչուած «ժողովրդավարական յաղթանակ» արձանագրելէ ետք, Հայաստանի ու Երեւանի հին–նոր իշխանաւորները աջին ու ձախին խորհուրդ կու տան, թէ ընտրութեանց ժամանակը աւարտած–անցած է եւ ամէն մարդ թող իր գործով զբաղի։ Եթէ իրենք՝ պետական իշխանութեան ղեկին գլուխը մնալու սիրոյն այսքա՛ն արժէքներ ոտնակոխած «պետական այրեր»ը իրենց յանձնարարուած գործը օրը օրին կատարած…















