
Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Երեքշաբթի, Ապրիլ 23 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նոյն օրը վաւերացուած է վերահսկիչ Անտրէաս Պորկասի հովանաւորութիւնը վայելող բանաձեւ մը՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը իր այս որոշումով հանդիսացաւ Քալիֆորնիոյ առաջին գաւառը, որ Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ: Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմիններուն, որ…















