
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, վարչապետի նշանակման երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ շաբաթ կէսօրին հանդիպում մը ունեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց հետեւեալը. «Մեկնելով մեր համոզումէն, որ պէտք է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը վերահատատել` յատկապէս այս զգայուն պայմաններուն ընթացքին,…















