
Մայիս 2010-ին ծագած «Մաւի Մարմարա»-ի արիւնալի դէպքը կը թուի, թէ լուծումի մը յանգած է` «հաշտութեան» հաղորդակցութեամբ մը Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ վարչապետներուն միջեւ: Ամերիկեան «կնքահայրութեամբ» իրականացած այս հաշտութիւնը կու գայ նոր էջ մը բանալու թուրքեւիսրայէլեան լարուած յարաբերութեանց մէջ: Ներողութեան եւ անոր հետեւող հաշտութեան այս քայլը անակնկալ մը չէր: Անակնկալը` անոր «թայմինկ»-ն էր: Արդարեւ, «Մեծ ազգ, մեծ…















