
Շուրջ երկամեակ մըն է որ սուրիահայութեան կացութիւնը կը մտահոգէ ողջ հայութիւնը եւ վերածուած է համազգային տագնապի։ Խնդրոյ առարկան այստեղ, առաջին հերթին, սուրիահայութեան ֆիզիքական անվտանգութեան հարցն է, որ առկայ տուեալներով կարելի չէ հանգուցալուծել արիւնահեղութեան, բիրտ ուժի ու զէնքի միջոցով։ Առ այսօր սուրիահայութիւնը երկրի ներքաղաքական պատերազմին մասնակից չէ դարձած եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակէ նոյն խելամիտ…













