
Նախագահ Ալիեւի նորագոյն յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով քաղաքական անհեթեթութեան հերթական նմուշ կարելի է համարել։ Պէտք է փորձել սակայն յայտարարութեան շարժառիթը տեսնել՝ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան գործընթացի ժամանակի ներկայ տարածքին եւ այնտեղ կատարուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ։ Նախ ամփոփենք յայտարարութեան բովանդակութեան հիմնական կէտերը։ Նախագահ Ալիեւի համար Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամին հայկական լոպին է։ Հայաստանի հանրապեութիւնը, ըստ ազրպէյճանցի ղեկավարին արուեստական…













