
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ, «Էյ.Փի.».- Յունիս 13ին հաղորդուած նախնական տուեալներով՝ Նեւատայի քոնկրեսական երրորդ ընտրատարածքին մէջ Ներկայացուցիչներու տան անդամակցութեան ընտրապայքարին մասնակցող եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող Տենի Թարխանեանը (Հ.) յաղթանակ ապահոված է նահանգային նախնական ընտրութիւններուն, իսկ Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութեանց ընթացքին պիտի մրցի դեմոկրատ իր մրցակիցին՝ Սիւզի Լիի դէմ։ Նախապէս Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը…













