
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ դառնալու համար Կեւըն Նիւսըմի ընտրապայքարին: Ան ներկայիս նահանգապետի տեղակալն է, իսկ անցեալին եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը։ Նիւսըմ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայ Դատի այս որոշումին համար՝ յոյժ կարեւոր համարելով ամերիկահայութեան եւ յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին հետ երկար տարիներու ընթացքին…














