
Շիքակոյի Կլենվիու շրջանի Հայ Կեդրոնին մէջ, Կիրակի Յուլիս 28-ին նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակը: Առաջին հերթին, տեղւոյն Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեճաշ եւ հաւաք, եկեղեցւոյ “Շահնազարեան“ սրահին մէջ: Յատուկ սահիկներով ներկայացուեցան տեսարաններ` երեսուն տարի առաջ աշխարհ ցնցած այս դէպքէն: Շրջանի հովիւ Տէր Զարեհ Սահակեան, իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ,…















