
Երեքշաբթի, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամներ, ուղեկից միութիւններու ու ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով բարերարներ: Ընթրիք-հաւաքը վարեց Սարգիս Արմէնեան: ՀՅԴ Լիբանանի…















