
Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կը պահէ իր հետեւողականութիւնը: Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի օրէնսդիր խորհուրդի 10 սեպտեմբերի որոշումը այդ հետեւողականութեան կարեւոր ցուցանիշ կարելի է նկատել: Հայ դատի յանձնախումբերու ճշդած նահանգային եւ քաղաքային մակարդակի վրայ կեդրոնացուած աշխատանքի արդիւնքներու երեւումը ստացած է արագ կշռոյթ: Քալիֆորնիոյ նահանգին ճանաչումէն հազիւ ամիս մը ետք Նիւ Սաութ Ուէյլզը հանդէս…















