
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին նախագահ Սարգսեանի խօսքին հետեւեալ բաժինը այժմէական խնդիրներու հետ ուղղակի առնչութիւններ կ՛ընդգծէ: Թէեւ առաջին հայեացքով այս բաժինը կը կեդրոնանայ արցախեան կարգավիճակի յստակացումին վրայ, այսուհանդերձ անիկա կը տարածուի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն վրայ: Այսպէս.- «Ղարաբաղը եղել է, կայ եւ կը մնայ Եւրոպայի մաս: Ղարաբաղի այսօրուան հանրութիւնը եւրոպական հանրութեան` եւրոպական ընտանիքի մասնիկ…














