
Այս թիւէն սկսեալ կը հրատարակենք Հալէպի մեր աշխատակից Աւօ Գաթրճեանի յօդուածաշարքը` «Ապատեղեկատուութիւն» խորագիրով: Թեման հրատապ, այժմէական իր բնոյթով անհրաժեշտ է, որ յայտնուի ընդհանրապէս հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կիզակէտին: Այսօր տեղեկատուական պատերազմը, յայտարարուած` մեր հակառակորդներու միացեալ քարոզչամեքենային կողմէ, անհրաժեշտ է իր էութեամբ, հետապնդած նպատակներով եւ մարտավարական ծալքերով ընկալել` ճիշդ ու նպատակաուղղուած հակազդելու համար. եւ ոչ միայն…















