
Խօսքը կը վերաբերի մեր ժողովուրդի ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւնը վերանայման ենթարկելու եւ նորովի սահմանելու հրամայականին, որուն ժամը շատոնց եկած է, եթէ արդէն անցած ալ չէ։ Խօսքը նաեւ չի վերաբերիր հայ ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութեան, որուն շուրջ 1988էն առաջ թէ ետք հայ քաղաքական միտքը շատ վիճած է, լայնքին-երկայնքին քննարկումներ կատարած է, բայց մինչեւ այսօր սայլը…















