
22 մարտին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իսրայէլի անունով ներում հայցած էր թուրք ժողովուրդէն «Մաւի Մարմարա»-ի դէմ իսրայէլացի զինուորականներու գործողութեան ժամանակ տեղի ունեցած սխալներու համար եւ փոխհատուցում խոստացած էր սպաննուածներու ընտանիքներուն: Այս լրատուութիւնը մեծ չափերով խլեց ինչպէս միջազգային, այնպէս ալ հայկական լրատուամիջոցներու լուսարձակները: Գուցէ ներողութիւն եւ փոխհատուցում բառակապակցութիւնները…















