
2011-ին սկսած եւ 2012-ին խորացած Սուրիոյ քաղաքական ճգնաժամը ծանր հարուած հասցուց տեղւոյն հայ համայնքին: Զոհեր, քանդում, նիւթական ահաւոր վնասներ, բայց մանաւանդ՝ ապագայի բացարձակ անորոշութիւն: Դժուար է, եթէ ոչ պարզապէս անկարելի, որեւէ կանխատեսում ընել այս ճգնաժամի աւարտին ու անոր հետեւանքներուն մասին: Ի՛նչ ալ ըլլայ ներսուրիական միջ-համայնքային բաժանման գիծերու խորութիւնը, յստակ է, որ Պաաս կուսակցութեան, աւելի ճիշդ՝…











