Քննարկում

Թուրքերը սիրում են Թրամփին

Թուրքիայում թէ իշխանութիւնները, եւ թէ մամուլը ուշի ուշով հետեւում էին Ամերիկայի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնների գործընթացին: Ընտրութիւնների նախօրէին Թուրքիայի կառավարութեանը կողմ մամուլը (օրինակ «Ենի Շաֆաք», «Ենի Աքիթ» եւ Սաբահ» օրաթերթերը) աւելի կողմ էին Թրամփի ընտրութեանը: Այստեղից նաեւ որոշ չափով պարզւում է որ իշխանաւորները թերեւս կողմ էին Թրամփի նախագահութեանը, բայց վերապահ էին իրենց կարծիքները դրսեւորելուց: Նախագահական ընտրութիւնների…

Նպաստի Փոխարէն Ապահովութիւն

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, մեր նահատակներու ընտանիքներուն զօրակցութեան լայն արշաւ մը սկսաւ Սփիւռքի մէջ: Մեր շրջանին մէջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը հանգանակեց եւ նոյնիսկ կազմակերպեց հանգանակուած գումարներու անմիջական յանձնումը նահատակներու ընտանիքներուն։ Գիտենք, թէ որքա՛ն ալ նրբանկատ, որքա՛ն ալ զգայուն կերպով փոխանցուին այս գումարները, ստացողներու արժանապատուութիւնը խոցող տարր մը անպայմա՛ն առկայ է այս գործընթացին մէջ: Ի վերջոյ,…

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Էրտողանեան Անդունդ

Արդարութեան, ու ժողովրդավարութեան դէմ կատարուած Էրտողանեան սպանդը կը շարունակէ աւերներ գործել Թուրքիոյ մէջ: Անցեալ Յուլիս 15-ի ձախողած պետական հարուածը թեւեր տուած էր բռնատէր Էրտողանին, որ ամէնայն համարձակութեամբ եւ ազատութեամբ, հակաժողովրդավարական որոշումներ առնէ: Այդ ձախողած պետական հարուածի օրէն իսկ, աւելի քան հարիւր հազար պետական պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, իսկ ասոր կողքին, երեսունըհինգ հազար այլ պաշտօնեաներ անբաղձալի…

«Թուրքիոյ Ազգային Ուխտի Կողմէ Ճշդուած Սահմանները Կը Ներառեն Կիպրոսը‚ Հալէպը‚ Մուսուլը‚ Պաթումը…»‚ Կ’ըսէ Էրտողան

Պուրաք Պեքտիլ «Կէյթսթոն» հիմնարկի կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ արդի պատմութեան մէջ ամէն անգամ‚ որ Թուրքիոյ սիւննիամէտ նոր օսմանականները աշխարհի ալեկոծ այս մասին մէջ դիմած են նախաձեռնողական արտաքին քաղաքականութեան յաւելեալ զոհեր եղած են եւ պետական կամ ոչ պետական դերակատարներու համար‚ ներառեալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Թուրքիոյ համար բարի աւարտներ չեն…

ԱՄՆ-ի Նախագահական Ընտրութիւններու Վաղորդայնը

2016-ի Նախագահական ընտրութիւնները արմատական տեղաշարժ յառաջացուցին ԱՄՆ-ի քաղաքական բեմին վրայ բացայայտելով քաղաքական ուժի բոլորովին նոր շերտեր և ծաւալներ և հիմնովին յեղաշրջելով ցարդ գոյութիւն ունեցող ընտրական հաշուարկներու մաթեմատիկան։ Թրամփի յաղթանակը այս նոր իրականութեան պարտաւորեցնող վկայութիւնն է։ Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածուն՝ Հիլարի Քլինթըն – հակառակ հեղինակաւոր հարցախոյզներու նախատեսութեանց – ջախջախիչ պարտութիւն կրեց կաճառային քուէներու ճակատին վրայ հակառակ այն…

Ի՞նչ, CNN-ը Տակաւին Կը Սփռէ՞…

Դեռ չսկսած ըսեմ, որ Թրամփի կամ Քլինթընի կապակցութեամբ ոչ մէկ համակրանք կամ հակակրանք ունիմ։ Հոս ըսուելիքները կ’առնչուին միայն ու միայն ամերիկեան մամուլին, որուն փառաւոր պարտութեան ականատես եղանք Երեքշաբթի գիշեր։ Շատ բան պիտի գրուի Մ. Նահանգներու նախագահական այս ընտրութիւններուն քաղաքական ծալքերուն մասին։ Մասնագէտները պիտի փորձեն լուսաբանել ու բացատրել այս ծալքերը, իսկ «մասնագէտներ»ը պիտի փորձեն աներեսաբար արդարացումներ…

Աշխարհը Չփլեցաւ

Վերնագիրը կրնայ մատնել կեցուածքս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփի հանդէպ: Այո՛, կը մտածէի, որ Թրամփի ընտրութեամբ աշխարհը կրնայ կործանիլ: Ի վերջոյ՝ «երկրագունդի ամէնէն հզօր մարդը» կոչումին տէր դարձած եւ քաղաքական փորձառութիւն չունեցող ընտրեալ նախագահը, իր նախընտրական յայտարարութիւններուն մէջ ցուցաբերած էր ցեղապաշտական, հաշմանդամներու ու կիներու հանդէպ վիրաւորական տրամադրութիւններ, որոնք վտանգաւոր չափերով կրնան սրել ամերիկեան…

Ակնարկ. Անկանխատեսելի Կերպար Եւ Կանխատեսելի Քաղաքականութիւն

Ճնշող կանխատեսումները շրջուեցան, երբ առտուան կանուխ ժամերուն յայտարարուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ ընտրուած է Տանըլտ Թրամփ: Ամերիկեան լրատուադաշտը (եւ ոչ միայն ամերիկեան), որոշակի առումով իրաւամբ ստեղծած էր շեշտուած կարծրատիպ Թրամփի կերպարին շուրջ, յատկապէս զայն դարձնելով անկանխատեսելի, հետեւաբար նաեւ ենթաընկալումով` վտանգաւոր: Մինչ Հիլըրի Քլինթընը, որ արդէն պետական հաստատութիւններու ուղիներէն անցած կայացած պետական գործիչ էր, կայունութեան…

Քլինթը՞ն, Թէ Թրամփ Հարցումէն Անդին

Ճափոնէն մինչեւ ասիական ու եւրոպական երկիրներ, Ափրիկէէն մինչեւ Գանատա ու Հարաւային Ամերիկա, աշխարհի աչքերը այսօր սեւեռած պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու վրայ, իմանալու, թէ ամերիկացի քուէարկողները որո՞ւն պիտի տան Սպիտակ տուն մտնելու տոմսը, այն ենթամտածումով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ աշխարհի առեւտուրին, տնտեսութեան, բայց մանաւանդ տագնապահար գօտիներու յառաջիկայ վերիվայրումներուն վրայ։ Բոլորէն աւելի, սակայն,…

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եգիպտոսի Խորհրդարանի Քայլերը Ներկայացուած Են Ֆրանս-Եւրոպական Պատուիրակութեան Մը

Եւրոպական խորհրդարանի եւ ֆրանսական ծերակոյտի միացեալ պատուիրակութիւն մը Եգիպտոս այցելութեան ծիրին մէջ անցած Շաբաթ օր՝ Նոյեմբերի 5-ին եգիպտական խորհրդարան այցելած է, ուր՝ ի միջի այլոց, տեսակցած է երեսփոխան Մուսթաֆա Պաքրիի հետ: Տեսակցութեան ներկայ գտնուած են նաեւ եգիպտական խորհրդարանի այլ անդամներ: Պաքրի պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ եգիպտական խորհրդարանի կեցուածքը, հաստատելով, որ Թուրքիոյ իրագործած…