Քննարկում

Մեծագոյն ախտի` գործազրկութեան` ախտաճանաչման անսքող փորձ

ԳՈՐԾԱԶՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔԱՆԴԷ ԱՐԺԷՔ ԵՒ ԵՐԱԶ Ժամանակակից մարդկութեան դիմագրաւած մեծագոյն ախտը գործազրկութիւնն է: Դժբախտութեան աղբիւր՝ անհատներու, ընտանիքներու, ժողովուրդներու, ազգերու, երկիրներու եւ մարդկութեան համար: Երկիրներու պառակտումներու, ներքին սուր պայքարներու եւ ապակայունացումներու հիմնական պատճառ է գործազրկութիւնը, որ դարձած է անհակակշռելի ախտ: Ախտ՝ զոր կ’ուզենք եւ հասկնալ որպէս հետեւանք, առանց առարկայական վերաբերում ճշդելու անոր պատճառներուն մասին: Այս ախտին…

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Թափանցիկ ներդրումի տեսլականը

Այնքան ատեն որ, ներդրող մը՝ օտար թէ տեղացի, վստահ ու քաջատեղեակ է, որ իր սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորուած ու պաշտպանուած է Հայաստանի մէջ եւ ունի բացարձակ պաշտպանութիւն, այդ պարագային բնական է որ, մեծաքանակ հոսք պիտի կատարուի Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ: Այս խիստ անհրաժեշտ եւ այժմէական նիւթին շուրջ՝ «Հայաստան.- Ներդրումային Համաժողով»ին մասնակցեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ…

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Ու «Համազգային»-ի Գործակցութեամբ Հայագիտական Գիտաժողով Պոլսոյ Մէջ

7-8 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ կայացաւ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որուն կազմակերպիչներն էին «Հրանդ Տինք» հիմնարկն ու «Համազգային»-ը` հովանաւորութեամբ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու Պոլսոյ մէջ Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան: Գիտաժողովը կայացաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքին «Հաւաք» սրահին մէջ: «Հրանդ Տինք» հիմնարկը ամէնամեայ գիտաժողովներով կը ջանայ արծարծել…

Էրտողանի Ամբարտաւանութեան Տարածքային Ախորժակները

Մինչ Իրաք կը պատրաստուի Իսլամական Պետութեան ճիրաններէն Մոսուլ քաղաքի ազատագրման, Թուրքիա կը թուի հետամուտ ըլլալ իր զինեալ ուժերուն համար ոտնաշաւիղի տարածքներ ապահովել Իրաքի ու յատկապէս Մոսուլի մէջ։ Այս նպատակին համար, տարի մը առաջ թրքական զօրքեր, առանց Իրաքի կառավարութեան արտօնութեան, տեղադրուեցան Իրաքի հիւսիս արեւելեան Պաաշիքա շրջանը, որ մերձակայ է Մոսուլ քաղաքին։ Այսօր, այս շրջանին մէջ մօտ…

Ակնարկ. Այժմու Աշխարհամարտի Տեղայնացուած Տարբերակը

Եմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատահածները եւ անոնց զուգահեռ կատարուող յայտարարութիւններու առաստաղին աննախադէպօրէն բարձրացումը եւ տակաւին այդ ուղղութեամբ առօրեայ կշռոյթով արձանագրուող մագլցողականութիւնը հետեւողներուն միտքին մէջ կը մրճահարեն համաշխարհային պատերազմի առաջնորդուելու մտավախութիւնը: Որքան ալ քաղաքականօրէն տրամաբանենք, որ յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ առնչութիւն ունին առնուող քայլերուն հետ, այսուհանդերձ իրադարձութիւնները նման մտավախութեան ժողովրդային մակարդակի վրայ ենթահող գտնելու հիմնաւորումներ…

Վատնուած Առիթներ… Հայաստանէն Լոս Անճելըս

Այո, անցող մէկուկէս տարուան ընթացքին, մեզի ներկայացան ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդելու մէկէ աւելի առիթներ, որոնց մէկ մասը օգտագործուեցաւ, իսկ միւս մասն ալ՝ անհասկնալիօրէն անտեսուեցաւ: Անցեալ տարի, հարիւրամեակի օրերուն, Լոս Անճելըսի հայութիւնը աննախընթաց կերպով հաւաքական ուժ ցուցաբերեց, երբ աւելի քան 160 հազար հոգիով իր մասնակցութիւնը բերաւ պահանջատիրական ցոյցին: Ոչ ոք կ՛ակնկալէր նման թիւ: Այդ օր այդ…

Ակնարկ. Տարբեր Որոշումներ, Տարբեր Շարժառիթներ` Առանց Դասեր Տալու

Հալէպի ողբերգական պատկերներուն, արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն ի տես հայ հասարակական դաշտը բնականաբար կ՛ալեկոծուի: Հաւանաբար բնական է նաեւ այն, որ ժողովրդային մակարդակով պատահարներուն դիմաց ընդվզումի տրամադրութիւնները հասցէներ փնտռեն, թիրախներ եւ եղածին պատասխանատուութիւնը բարդեն ամէնէն առաջ պատասխանատու կողմերու ուսերուն: Եւ որովհետեւ այսօրուան հասարակութիւնը առիթ ունի նաեւ հրապարակային արտայայտուելու, զանգուածներուն իր տեսակէտը, բողոքը, ընդվզումը հասանելի դարձնելու, գրառումները,…

Չիլիի Թոշակի Համակարգի Տագնապը Եւ Հայաստանը

Կիրակի, Օգոստոս 21ին, Չիլիի մէջ հարիւր հազարաւոր, իսկ կազմակերպողներուն կարծիքով՝ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ մասնակցեցաւ ցոյցերու, ամբողջ երկրի տարածքին՝ պահանջելով ներկայ պարտադիր կուտակային թոշակի, այսինքն՝ շուկայական անհատական ֆինանսական հաշիւներու վրայ հիմնուած թոշակային համակարգի վերացումը, ջնջումը: Աճող դժգոհոթիւնը ներկայ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգին հանդէպ ծնունդ առած էր թոշակներու ցած ըլլալուն պատճառով: «Ուոլ Սթրիթ» օրաթերթին համաձայն՝…

Մենք ձեզ ավանսով այդ վստահությունը տալիս ենք

Ռուստամյանը՝ ԿԸՀ անդամներին ԿԸՀ անդամների և նախագահի ընտրության հարցի վերաբերյալ ՀՅԴ խմբակցության տեսակետը ԱԺ ամբիոնից ներկայացրեց խմբակցության ղեկավար Արմեն Ռուստամյանը: «Առաջին անգամ է մեր պատմության մեջ, որ ԿԸՀ-ն ձևավորում ենք նոր կազմով՝ ԱԺ-ի միջոցով, և այս կարգը, արդեն կյանքի կոչվելով ու կամաց-կամաց թափ հավաքելով, վստահ եմ, որ մեզ բերելու է այն արդյունքին, որին մենք ձգտում…

Աղօթք Եւ Բողոք

Սուրիոյ հայութեան օգնութիւն հասցնելու համար աշխատող համագաղութային մարմինը յառաջիկայ Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ կառոյցէն ներս՝ «Գալայճեան» սրահին մէջ, ժողովրդային հաւաք մը պիտի կազմակերպէ՝ աղօթելու Հալէպի մէջ զոհուածներուն համար եւ բողոքելու քաղաքի բնակչութեան ենթարկուած անմարդկային բռնութիւններուն դէմ: Բոլորս ալ կ՛ընդվզինք, կը զայրանանք, կը բողոքենք, կը ցաւինք, կը վշտակցինք՝ ականջալուր ըլլալով Հալէպի…