
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է եկեղեցաշինութեան վերաբերեալ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի կատարած քննադատութիւններուն: Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ պէտք է յարգել Թուրքիոյ մէջ բնակող թէ՛ քրիստոնեայ հայերուն, թէ՛ անհաւատներուն իրաւունքները: Էրտողան Վանի մէջ յայտարարած է. «Մէկը կ՛ըսէ` «մզկիթ պիտի քանդեմ», միւսը կ՛ըսէ` ժողովուրդի հարկերով Աղթամարի եկեղեցին…















