
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող փուլին վերաբերող հարցեր: Հարիրիի Մօտ Նոյն օրը, Յ. Բագրատունի, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ Հարիրիի հետ քննարկած են Լիբանանի քաղաքական բեմը…














