
Ինքնիշխան, անկախ պետականութեան մեր տարիքն է, որուն կ՛աւելնան Առաջին հանրապետութեան երկու տարիները: Ազգերու ու պետութիւններու պատմութեան մէջ 24 կամ 26 տարիքը կրնայ բաւարար արդարացում ըլլալ կամ նկատուիլ խարխափումներու, թերացումներու, բացթողումներու: Ի վերջոյ, պետական մտածողութիւնը միայն ուրիշներու փորձառութեանց, պատմութեան սերտողութեան կամ տեսական քննարկումներու ճամբով կարելի չէ խորացնել, ամրացնել, հարստացնել: Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր նորանկախ պետականութեան,…















