
«Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ Իրաքեան Քիւրտիստանի Սուլայմանիէ համալսարանի «Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ` 29-30 Ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը` «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» խորագիրով: Յատուկ հրաւէրով այս խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան: Համաժողովին նշանաբանն էր այն, որ իրականութեան ճանաչումը բանալին է ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան: Անոր կը մասնակցէին…










