
Փետրուար 26, 2016-ին, Սերպիոյ հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ, Պելկրատի նախագահական պալատէն ներս, ընդունեց հայկական պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէն, Ռումանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ եպսկ. Յակոբեան-Մուրատեանէն, Սերպիոյ հայկական համայնքի նախագահ՝ Սամուէլ Այվազեանէն եւ կիպրացի լրագրող, քաղաքագէտ Եանոս Խարալամպիտիսէն, որ հեղինակած է Արցախի շուրջ գիրք մը: Ներկայ էր նաեւ…















