
Սումկայիթեան սպանդի 25 ամեակին առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Փարիզի մէջ երեք տարբեր նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ` զուգահեռ քաղաքական հանդիպումներով, լուսարձակի տակ կ’առնէ այս իրադարձութիւնը եւ համաժողովրդային բնոյթ կու տայ անոր : Այս առիթով, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան կը լուսաբանէ հանգամանօրէն : Հարցում.- Կարելի՞ է ներկայացնել ամբողջ շարքը ձեր նախաձեռնութիւններուն : Հրաչ…









