
Երեք տարի առաջ էր, որ հայ ժողովուրդը, ազգային հաւաքական զգացումի անխորտակելի ալիքէ մը մղուած, ամբողջ աշխարհի մէջ կ’ոգեկոչէր յիսնամեայ յիշատակը Ապրիլեան Եղեռնի իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Բայց այսօր, արդեն, յիսնամեայ այլ տարեդարձ մըն է՝ որ անխառն հպարտանքով եւ ազգային գիտակցութեան մշտանորոգ շունչով մը կը լեցնէ սրտերը բոլոր հայերուն: Այսօր յիսնամեկն է դարերու ստրկութենէն ետք Անկախ…















