
Մեր թերթի համացանցային էջի (www.azator.gr) այցելուները,1 Յունուար 2017էն սկսեալ, արդէն վարժուած են տեսնելու նորոգուած մեր կայքէջին մէջ հրատարակուած նիւթերը։ Ա՛յն, որ մեր այցելուներուն համար շատ հետաքրքրական եւ ուսումնասիրելի է, հրապարակուած տուեալներն են, որ կը փոխանցուին խմբագրութեան կողմէ՝ նոր կայքէջի ընձեռած հնարաւորութիւններուն միջոցաւ։ Այդպէ՛ս, 1-31 Յունուար 2017ին, մէկ ամսուան ընթացքին, կայքէջը 8255 հոգիի այցելութիւնը ապահոված է…















