
Սուրիոյ հայութեան օգնութիւն հասցնելու համար աշխատող համագաղութային մարմինը յառաջիկայ Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ կառոյցէն ներս՝ «Գալայճեան» սրահին մէջ, ժողովրդային հաւաք մը պիտի կազմակերպէ՝ աղօթելու Հալէպի մէջ զոհուածներուն համար եւ բողոքելու քաղաքի բնակչութեան ենթարկուած անմարդկային բռնութիւններուն դէմ: Բոլորս ալ կ՛ընդվզինք, կը զայրանանք, կը բողոքենք, կը ցաւինք, կը վշտակցինք՝ ականջալուր ըլլալով Հալէպի…















